“ԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ” ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ հերթական հատորը կը ներկայացնէ ֆրանսացի թարգմանիչ, թարգմանութեան տեսաբան Անտուան Բեռմանին (1942-1991) «Օտարութեան փորձընկալումը. մշակոյթ եւ թարգմանութիւն վիպապաշտ Գերմանիոյ մէջ» ուսումնասիրութիւնը արեւմտահայերէն թարգմանութեամբ։ Հատորին Յաւելուածը կըամփոփէ Ֆրիդրիխ Շլեգէլին «Կոտորակներ եւ իդեաներ» շարքէն հատուածներ եւ «Զրոյց բանաստեղծութեան մասին» գրութիւնը: Վերջաւորութեան ընթերցողը կը գտնէ Մարկ Նշանեանին յօդուածը թարգմանութեան սկզբունքի մասին: Բեռմանին կողմէ գերմաներէնէ կատարուած մէջբերումները ստուգւած են բնագիրներու հետ բաղդատելով:
Պատվիրի՛ր գրքեր և ստացիր արագ առաքում աշխարհի ցանկացած կետում:
Ավելի մանրամասն առաքման պայմանների և վճարման տարբերակների մասին տե՛ս այստեղ: