«Յարդը գրեթէ հաւաքուած էր, երբ իրիկուն մը զինուորները անգամ մը եւս եկան։ Մեր ախոռին մէջն էինք, երբ մօտեցող սմբակներու ձայնը եւ խճաքարերուն վրայ անիւներու խժլտուքը լսեցինք ու հասկցանք որ ձիաշարքը բակ մտած էր։ Ձիերը վեցական կարգով լծուած էին ծանր թնդանօթներու եւ կանգ առին սպառած, փչելով ու փքացնելով։ Ամէն մէկ ջուխտ ձի կ՚առաջնորդուէր իրենց մոխրագոյն գլխարկներուն տակ խոժոռ եւ խիստ դէմքեր ցոյց տուող մարդոց կողմէ։ Շուտով նկատեցի որ ասոնք քանի մը շաբաթ առաջ մեկնած ազնիւ հերթապահները չէին։ Ասոնց դէմքերը տարօրինակ եւ բիրտ էին, իսկ աչքերնուն մէջ նոր ահազանգի հապշտապ զգացում մը կար։ Քիչերը կը խնդային, կամ նոյնիսկ կը ժպտէին։ Ասոնք մեր հանդիպած մարդոց տեսակէն տարբեր տեսակ մըն էին։ Իրենցմէ միայն մէկ հոգի, տարիքոտ զինուոր մը որ ռազմամթերքի կառքը կը վարէր, մօտեցաւ ու փայփայեց մեզ եւ ազնուութեամբ խօսեցաւ փոքրիկ Էմիլիին հետ»։
Order books and get fast delivery anywhere in the world.
For more information about the terms of delivery and payment methods, see here.