Գորալինին նոր տունին մէջ տարօրինակ բան մը կայ: Հարցը մշուշոտ ըլլալը չէ՛. Ո՛չ ալ զինքը անդադար ուշի ուշով դիտող կատուն. ո՛չ իսկ իր նոր դրացիներուն՝ օրիորդ Սփինքին եւ օրիորդ Հորսիպլին կողմէ թէյի տերեւներուն մէջ կարդացած վտանգի ազդանշանները: Չէ՛. Հարցը միւս տունն է. այն մէկը որ հիւրանոցին մէջի այդ հին դրան ետեւն է: Այդտեղ ուրիշ մայր եւ ուրիշ հայր մը, կոճականման սեւ աչքերով եւ մագաղաթեայ մորթով, կը սպասեն որ Գորալինը միանայ իրենց: Կ'ուզեն որ հետերնին ապրի... ընդմիշտ: Գորալինը գիտէ, եթէ երբեք համարձակի այդ դուռէն սպրդիլ ու միւս կողմը անցնիլ, կրնայ պատահիլ որ չկարենայ երբեք վերադառնալ:
Order books and get fast delivery anywhere in the world.
For more information about the terms of delivery and payment methods, see here.