Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն կը միանան՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական հողին վրայ ծնունդ առած մեր հազարաւոր անշունչ, բայց եւ շնչաւոր հայկական վանքերն ու եկե ղեցիները, բերդերն ու ամրոցները, վարժարաններն ու դպրոցնե րը..., որոնք բոլորը զոհ գացին հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած մեծ ցեղասպանութեան։
Վանայ լիճի Լիմ կղզին` իր արժէքաւոր վանքով եղաւ մէկը այդ հազարաւոր զոհերէն, որ երկար դարեր շնչեց ու շունչ տուաւ հայ ժողովուրդին...:
Այս գիրքը կը ներկայանայ՝ հայ ժողովուրդի կարեւոր հաւատքի եւ մշակոյթի կեդրոններէն մէկուն՝ ամփոփ կենսագրութիւնը, իր հպարտալի՝ եւ ցաւալի էջերով. անոր ծնունդը 4-րդ դարուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրով, պատանեկութիւնը՝ 14-րդ դարուն, հասունութիւնը եւ ծաղկունքը Ներսէս Մոկացի եւ Ստեփանոս Շատախցի՝ վարդապետներուն ժամանակ 17-րդ դա րուն, չարքաշ կեանքը Համիդեան ջարդերուն, ապա անոր նահա տակութիւնը 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ. եւ վերջապէս անոր քարուքանդ խոնարհուած մարմինը մեր օրերուն...:
Order books and get fast delivery anywhere in the world.
For more information about the terms of delivery and payment methods, see here.