Պոլիս ծնած եւ քսան տարեկանէն ետք Ֆրանսա ապրած Շահան Շահնուրը քսաներորդ դարու արեւմտահայ գրականութեան ամենէն ինքնատիպ դէմքերէն է: Պոլսահայ կեանքը թէ գաղթական հայու կենցաղն ու անոր ապաստան եղող երկրի միջավայրը պատկերող իր գեղարուեստական էջերը ան կոչած է «Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց»: Անոնք կը կազմեն այս եռահատորի առաջին գիրքը: Երկրորդ հատորին մէջ ամփոփուած են Շահնուրի հրապարակագրական գրութիւնները՝ իր բնորոշումով՝ «Լրագրական էջեր»ը: Երրորդ հատորը կը ներկայացնէ Գրիգոր Շահինեանի «Յաղագս Շահան Շահնուրի» մենագրութիւնը: Այս հրատարակութեամբ առաջին անգամ ըլլալով ընթերցողին կը ներկայացուի Շահան Շահնուրի հայալեզու գրական ամբողջ վաստակը այնպէս. ինչպէս գրած. վերանայած կամ վերհպումի ենթարկել փափաքած է ինքը՝ Շահնուրը: Այս ժողովածուն էապէս կը հարստանայ Գրիգոր Շահինեանի ծանօթագրութիւններով եւ մանաւանդ Շահնուրի գրական վաւերական կերպարը կերտող իր վերլուծութեամբ:
Order books and get fast delivery anywhere in the world.
For more information about the terms of delivery and payment methods, see here.