Գիրքը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած ատաբազարցի Յարութիւն Գ. Աթանասեանի (1884-՞) «Ատաբազարէն Տէր Զօր» անտիպ յուշագրութիւնը, որ կը համարուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող առաջին յուշագրութիւններէն մէկը:
Յուշագրութեան մէջ հեղինակը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Ատաբազարի մէջ իր ձերբակալութիւնը, խոշտանգուիլն ու աքսորը` մինչեւ Տէր Զօր, ինչպէս նաեւ աքսորի ճանապարհին իր կրած արհաւիրքները, ազգակիցներու թշուառութիւնը, անօթութեան ու համաճարակներու հետեւանքով անոնց կրած տանջանքները, բռնութիւնները, սուրիական անապատի զանգուածային կոտորածները, թուրք պետական պաշտօնեաներու եւ առհասարակ ազգաբնակչութեան անմարդկային վերաբերմունքը եւ այլն:
Յուշագրութիւնը կարեւոր է անոր համար, որ հեղինակը տարբեր ժամանակներով գտնուած է հայ աքսորականներու գրեթէ բոլոր համակեդրոնաց-ման կայքերուն մէջ՝ Գարաման, Էրէյլի, Տարսոն, Օսմանիէ, Գաթմա, Ազազ, Ագթերին, Պապ, Մեսքենէ, Տիբսի, Ապու Հարերա, Այիտ, Համամ, Րագգա, Զիարէթ, Սապգա, Տէր Զօր, Մարաթ, Սիւվար, Մերկետէ, Շետտատիէ, Հա-լէպ, Պերեճիկ եւ այլ վայրեր:
Գիրքը նախատեսուած է պատմաբաններու, ցեղասպանագէտներու, հոգեբաններու եւ ընթերցող լայն շրջանակներու համար։