ԿԱՅԱՆՆԵՐ խորագրին տակ Ars Poetica շարքի սոյն հատորը կը ներկայացնէ բանաստեղծ Վահէ Օշականի (1922-2000) քերթուածներու հատընտիրը: Գրագէտի հատորներէն ընտրուած են զանազան էջեր, Քաղաք ժողովածուն սակայն տրուած է ամբողջութեամբ: Գիրքը կը բացուի Վ. Օշականի «Գրական հռչակագիր»ով: Այս անհատական հանգանակը իր պատմական ընդհանուր ներկայացումէն անդին՝ ենթակայական կէտեր կը նշէ, որոնք լոյս կը սփռեն բանաստեղծի ամբողջ արտադրութեան վրայ: «Յաւելուած» բաժնին մէջ զետեղուած են այն երկու ինքնադատութեան փորձերը ուր հեղինակը կը քննէ իր իսկ գործերը:
Order books and get fast delivery anywhere in the world.
For more information about the terms of delivery and payment methods, see here.